Բառառբառ
Միաթուային դարը, զգալիօրէն կը դիւրացնէ մեր կեանքը, հետեւաբար աւելի դիւրին կը հասնինք գիտելիքներուն եւ զանազան ակերուն: Զանազան առցանց ելեկտրական բառարաններէն եւ թարգմանչական առցանց ծրագիրներէն զան կան կարեւոր հարուստ պատմական բառարաններ, որոնք տեղ կը գրաւեն մեր գրադարաններուն մէջ ու կը նպաստեն Հայերէնի աշխատութիւններուն:
Որպէս՝ Օրթագիւղի Թարգմանչաց ընտանիք՝ փափաքեցանք նպաստել այս թանկարժէք արխիւներուն:
Ծագում եւ ընթացք՝
«Բառառբառ»ի գաղափարը յղացաւ, Հայերէն լեզուի եւ գրականութեան վաստակաշատ գործիչ՝ Մաքրուհի Պ. Յակոբեանին երկար տարիներ աշխատասիրած իր ԹՐՔԵՐԷՆ-ՀԱՅԵՐԷՆ-ԱՆԳԼԵՐԷՆ բառարանը վարժարանիս հայերէնի ուսուցչուհի՝ Թալին Չորթան Կարիպկիւնին յանձնելէ անմիջապէս ետք:
Օրթագիւղի՝ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ՝ Պրն. Իսքէնտէր Շահինկէօզին եւ անդամներուն աջակցութեամբ, վարժարանիս տնօրէն Պրն. Արաս Տէլիճէին նախաձեռնութեամբ՝ գործի լծուեցանք:
Միշտ կ'անդրադառնայինք որ կարգ մը բառերուն, քաղաքներուն, երկիրներուն, բոյսերուն կամ անասուններուն հայերէն համարժէքները գտնելու գործողութիւնը մեզ շատ ժամավաճառ կ'ընէր: Ուրեմն մեզի պէտք էր այնպիսի բառարան մը, որ անմիջապէս հասնէինք այդ բառերուն Հայերէններուն, Անգլերէններուն կամ Թրքերէններուն: Այս ուղղութեամբ աշխատուեցաւ բառարանը եւ Հայերէնի ուսուցչուհի՝ Մարի Գալայճըի կողմէ անուանուեցաւ «Բառառբառ»:
Վարժարանիս Հայերէնի ուսուցչուհի՝ Թալին Չորթան Կարիպկիւն իր աշխատասիրած բառարանին բառերը աւելցուց «Բառառբառ»ին, հետեւաբար բառարանը ալ աւելի հարստացաւ:
Վարժարանիս Անգլերէնի դասապետ եւ ուսուցչուհի՝ Տիրուհի Պէրին բառերուն Անգլերէնները աշխատասիրեց, որպէսզի «Բառառբառ»ը համընդհանուր օգտագործուի։
Եթէ փափաքիք, դուք ալ «Բառ Առաջարկել»ով կրնաք նպաստել «Բառառբառ»ին:
Բարի գործածութիւն կը մաղթենք:
Բառառբառին գործակիցները՝
Բառարանի աշխատութիւն՝
Մաքրուհի Պ. Յակոբեան
Յաւելեալ բառերու աշխատութիւն՝
Թալին Չորթան Կարիպկիւն
Տիրուհի Պէրին
Սրբագրութիւն՝
Անի Պարոնեան
Արմինէ Եազտանօղլու
Գրաշարութիւն՝
Թալին Չորթան Կարիպկիւն
Տիրուհի Պէրին
Թալին Տալտապանօղլու Պէրպէրեան
Կայքի Պատրաստութիւն՝
Տէվինիմ Մէտիա՝
Մառք Պօյաճը
Մուրատ Ուլուք